Friday, July 02, 2010

ՍԱՐԳԻՍ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ: ՍՏՈՒԵՐ


Ստուերը
հայելին է սրտատրոփիս
կը հետեւի քայլերուս
կը դարպասէ զիս
կ՛որսայ մարմինն իմ
եւ ես կ՛ըլլամ ստուերը ստուերիս
Օրը կ՛ըլլայ կէս
կեանքը կ՛ըլլայ կէս
եւ խօսքերը կիսկատար
փախուստ կու տան շրթներէս

No comments: